Թրամփն ու ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն Ֆլորիտայի մէջ իրենց հանդիպումէն ետք Ռուսիոյ կոչ ուղղեցին՝ Ուքրանիոյ պատերազմը չսրելու եւ հակամարտութեան խաղաղ լուծումը կարելի եղածին չափ շուտ գտնելու։ Այս կոչը կը հնչէ Պենկազիի մէջ ռուսական մարտանաւի վրայ ուքրանական յարձակումէն ետք, որուն ի պատասխան՝ Մոսկուա յայտարարած է, թէ Քիեւ կը փորձէ հակամարտութիւնը տարածել դէպի Միջերկրական եւ Պալթեան ծովեր։