Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան կառավարութիւնը վերահաստատած է, թէ Կաթողիկէ Եկեղեցին պետութեան պատմական եւ հաստատութենական գործընկերն է՝ յանձնառութիւն յայտնելով կրօնական ազատութեան եւ երկխօսութեան պահպանման։ Միաժամանակ, Քինշասայի եւ Լուբումպաշիի մէջ Եկեղեցւոյ հետ ծագած լարուածութիւնները մեղմելու նպատակով, իշխանութիւնները խոստացած են յարգելու դատական որոշումները եւ աջակցելու Եկեղեցւոյ իրաւունքներու պաշտպանութեան։