Նոր համաշխարհային մարտահրաւէրներուն դիմաց, մասնաւորապէս արհեստական բանականութեան եւ արհեստագիտական վերափոխումներուն առնչուած մարտահրաւէրներուն, Վատիկանի ներկայացուցիչը վերահաստատեց միջազգային իրաւունքի եւ բազմակողմանիութեան կարեւորութիւնը՝ զգուշացնելով մեկուսացումէն եւ միջազգային կանոններու ընտրովի կիրարկումէն։