Աստուածաբանութեան Քահանայապետական Ակադեմիան (PATH) փաստաթուղթի մը միջոցաւ կոչ կ՚ուղղէ աւելի պատասխանատու թուային փոխակերպման մը համար, որ ուշադիր ըլլայ երիտասարդներու, խոցելի անձերու եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան։ Փաստաթուղթին բովանդակութիւնը պիտի ներկայացուի Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2-ին, ժամը 15:00-ին, Փալացօ Փիոյի (Palazzo Pio) Մարքոնի սրահին մէջ նախատեսուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։