Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետ, ընդունելով Միջազգային Աստուածաբանական Յանձնախումբի անդամները, կարեւորեց առաքելական աւանդութեան պահպանումն ու հաւատքի մշակութային փոխանցումը՝ ընդգծելով անոնց դերը Եկեղեցւոյ առաքելութեան մէջ։ Ան շեշտեց հաւատքի արմատաւորման անհրաժեշտութիւնը ժողովուրդներու տարբեր մշակոյթներուն մէջ եւ կոչ ուղղեց աստուածաբաններուն՝ հաւատարմութեամբ ու ստեղծագործ մօտեցումով ծառայելու Աւետարանի տարածման։