Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց «Gaudium et spes» հովուական սահմանադրութեան ու անոր անոր 5-րդ գլխուն վրայ, որ նուիրուած է խաղաղութեան խթանման։ Ան հաստատց, թէ այսօրուան հակամարտութիւնները «աւելի ու աւելի անմարդկային ու կործանարար» են՝ թուային յեղափոխութեան պատճառով եւ առանց ժխտելու կառավարութիւններուն «օրինական ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը», յորդորեց «աշխարհի հզօրներուն» լսելու «ժողովուրդներու, սպաննուած եւ անդամալոյծ եղած մանուկներու տառապանքի» աղաղակը։