Երուսաղէմի Լատին Պատրիարքը Հռոմի «Լա Սափիենցա» համալսարանին մէջ ստացաւ «Արխիւ՝ Զինաթափում» կազմակերպութեան միջազգային խաղաղութեան մրցանակը։ Արարողութեան ընթացքին ան միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրեց Կազայի մարդասիրական աղէտալի կացութեան եւ Արեւմտեան Ափի մէջ շարունակուող բռնութիւններուն վրայ՝ շեշտելով իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն համար քաղաքական լուծում մը գտնելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը։