Այսօր՝ 24 Նոյեմբերին, լոյս տեսաւ Վատիկանի հրատարակչատան (LEV) կողմէ տպագրուած եւ կարդինալ Վիքթոր Մանուէլ Ֆերնանտէսի խմբագրութեամբ հրատարակուած գիրքը։ Թեթեւ ծաւալով, բայց խորունկ հատոր մըն է ան, որ կը ժողովէ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյի՝ 1992-էն մինչեւ 2024 գրած նշումները՝ զետեղուած օրագիրի մը մէջ։ Այս մէկը Պապի մը մասնաւոր դիմագիծն է, որ գրի կ’առնէր իր վախերը, ինքն իր մասին դատողութիւնները, անբաւարարութեան զգացումները, եւ որ՝ հիւծուած սատանայի սպառնալիքներէն, զոր «տեսած» էր տարբեր առիթներով...