Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Ծառայութեան Վերատեսչութեան նախկին Վերատեսուչը ելոյթ ունեցած է Լատերանեան Քահանայապետական Համալսարանին կողմէ կազմակերպուած ուսումնական օրուան ընթացքին՝ նուիրուած «Magnifica humanitas» Շրջաբերականին՝ կոչ ընելով ունենալ մտաւոր խոնարհութիւն, ճշմարտութեան հանդէպ սէր եւ խաղաղութեան փափաք՝ հակազդելու արհեստագիտութեան կողմէ քաջալերուող մակերեսային եւ գաղափարախօսական գիտելիքի վտանգին։