Աւետարանացման Վերատեսչութեան համավերատեսուչ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա 21 Նոյեմբերին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին յանձնեց «Յոբելեան մը՝ Յոյսի» լուսանկարչական հատորին առաջին օրինակը, որ կը ներկայացնէ 2025-ի Յոբելեանի կարեւոր պահերն ու 35 մեծ ձեռնարկները՝ յիշատակելով նաեւ Հռոմ այցելած 33 միլիոնէն աւելի ուխտաւորները։ Լեւ հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուած հատորը, որուն նպատակն է վառ պահել Յոյսի պատգամը, գրախանութներու եւ առցանց վաճառքի կեդրոններու մէջ հասանելի պիտի ըլլայ 27 Նոյեմբերէն։