Հեծանիւը ոչ միայն աշխարհի ամէնէն սիրուած մարզաձեւերէն ու առողջ տեղաշարժման պարզ միջոցներէն մէկն է, այլեւ մաս կը կազմէ տարբեր ժողովուրդներու մշակոյթին ու ինքնութեան։ Սպառողական ժամանակակից ընկերութեան մէջ, հեծանիւին խոնարհ ոճը կը հարստացնէ մարդուն ներաշխարհը․ Այս մէկը շեշտած է Քահանայապետը՝ Վատիկանի մէջ ընդունելով «Հեծելարշաւի Միջազգային Միութեան» ձեռնարկի մասնակիցները։ Ունկնդրութեան աւարտին կատարուած է հեծանիւներու նուիրատուութիւն՝ ուղղուած Հռոմի «Քարիթաս» բարեսիրական կազմակերպութեան։