Լիբանանի անկախութեան տարեդարձին առիթով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտները՝ տնօրէնութեան, հոգեւոր հայրերու եւ ուսուցչական կազմին առաջնորդութեամբ, տօնական տողանցք մը կատարեցին դէպի Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակ՝ լիբանանեան դրօշներով եւ հայրենասիրական երգերով խանդավառելով փողոցները։