Շաբաթ օրը` տօնն է երկու առաքեալներու. Ս. Բարթողոմէոս. Ինչպէս աւանդութիւնը կը հաստատէ, Բարթողոմէոս Հայաստան եկած է աւետարանը քարոզելու եւ ապա անցած է նաեւ Պարսկաստան, ուր եւ նահատակուած է։ Ս. Յուդա այն երկրորդն Յուդան է որ կը զանազանուի մատնիչէն եւ որ ընդհանրապէս կը բարեխօսուի որպէս դժուարին հարցերու լուծող եւ ուսանողներու կողմէ որպէս պաշտպան եւ խորհրդատու` քննութիւններու ընթացքին։ Ըստ ոմանց անոր երկրորդ անունն է Թադէոս, ուստի կ՛ըսուի թէ ինք եւս Հայաստան եկած ըլլայ Բարթողոմէոսի հետ։